Նոր Յառաջի երկօրեայ լրահոսը - երկրաշարժ Երեւանէն 8 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ -
Երկու անիւ, մէկ նպատակ - Ալպեաններէն Պոլիս՝ հեծանիւով։ ԼԻՈՆ - Հայկական մասնակցութիւն՝ ICAANE գիտաժողովին։ Մատենադարանին մէջ լուսանկարներու վերականգնման դասընթացքներ՝ ֆրանսացի մասնագէտներու ղեկավարութեամբ։ Հայաստանի մէջ պիտի կառուցուի 500 միլիոն տոլար արժողութեամբ ԱԲ-ի գործատուն։ Պոլսոյ պատրիարքական աթոռը 564 տարեկան։ Դաշնակահար Շահան Արծրունիի բացայայտումը. «Աշխարհի առաջին կին երգահանը հայ էր»։
ՖՐԱՆՍԱ – ՆԻՍ - Հայաստանի մասնակցութիւնը ՄԱԿ-ի՝ ովկէանոսի հարցերուն նուիրուած 3-րդ համագումարին։ ՓԱՐԻԶ - Յարութիւն Խաչատրեանի ֆիլմերու ցուցադրութիւն։ Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան այցելած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ ՀԱՅԱՍՏԱՆ - «Ականատեսի յուշեր. Պոտիլ Քաթարինէ Պիւռնի ժառանգութիւնը» հատորի շնորհահանդէսը Ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ։ Մահ՝ համշէնի ուսումնասիրութիւններով ծանօթ ազգագրագէտ, խմբագիր Սերկէյ Վարդանեանի։ ԼԵՀԱՍՏԱՆ - Երաժշտական մրցոյթ՝ նուիրուած Արամ Խաչատրեանի ստեղծագործութիւններուն։
ԵՐԵՒԱՆ - Ֆապրիս Փանքուք յայտարարած է Օվեռնյը-Ռոն-Ալփ շրջանի 1,5 միլիոն եւրօ նիւթական յանձնառութեան մասին՝ Ֆրանսական համալսարանի (UFAR) զարգացման համար։ Յուշաքարի բացում Նուիրուած՝ Սիսիան եւ Մոնթելիմար զուգորդուած քաղաքներու բարեկամական յարաբերութիւններուն։ ՊԵԼՃԻՔԱ - Առաջին հայկական տօնավաճառը Պրիւսէլի Իքսէլ շրջանին մէջ։ ԹՈՒՐՔԻԱ - Հովուապետական այցելութիւն դէպի Տիգրանակերտ։ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ - Վանաձորի «Պոհեմ» թատերախումբին ներկայացումը Անափայի հայ հանդիսատեսին։
ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՖՐԱՆՍԱ - Գորիսի մէջ բացուած է Ֆրանսայի պատուոյ հիւպատոսութիւնը։ Վարչապետ. «Եթէ պարզուի՝ Գարեգին Բ.-ն խախտել է կուսակրօնութեան ուխտը եւ զաւակ ունի, նա չի կարող լինել կաթողիկոս»։ ՃԱՓՈՆ - Բացուած է Թումօ Կունման` Ասիոյ մէջ առաջին Թումօ կեդրոնը։ ԻՆՏՈՆԵԶԻԱ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ - Հայաստանի մասնակցութիւնը Indonesia Fashion Week 2025-ին։ ՀԱԼԷՊ - Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակման 107-ամեակին նուիրուած ժողովրդային տօնակատարութիւն։ Անգարայի մէջ յուշակոթող՝ Թալէաթի յիշատակին։
ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՖՐԱՆՍԱ - Հայաստան-Ֆրանսա 5-րդ ապակեդրոնացուած գործակցութեան համաժողովը՝ Գորիսի մէջ։ Գրիգոր Պըլտեան կը պարգեւատրուի «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով։ «Արաս» հրատարակչատունը լոյս ընծայած է Գրիգոր Պըլտեանի «Ընդառաջում»-ը։ Տոմինկօ Հինտոյեան նշանակուած է Լոս Անճըլըսի օփերայի երաժշտական տնօրէն։ ԷՍԹՈՆԻԱ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ - Թարթու քաղաքին մէջ յայտնաբերուած է Խաչատուր Աբովեանի նուիրած 13-րդ դարու շարակնոցը։ Վերահրատարակուած է «Ֆրանսական ժողովրդական հեքիաթներ» հատորը՝ Վլադիմիր Աբրահամեանի շքեղ նկարազարդումներով։
Փաշինեան Մայիս 28-ի իր ուղերձին. «Պատերազմ պիտի չըլլայ, պիտի ըլլայ խաղաղութիւն»։ ՓԱՐԻԶԵԱՆ ՇՐՋԱՆ - Հայաստանի նուիրուած շաբաթ՝ Գլամարի մէջ։ ԶՈՒԻՑԵՐԻԱ – ՊԵՌՆ - Արցախի հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեանց նուիրուած միջազգային համագումար, մասնակցութեամբ՝ Ամենայն հայոց կաթողիկոսի։ ԳԵՐՄԱՆԻԱ – ՊԵՐԼԻՆ - Հայկական ընկերութիւններ մասնակցած են աշխարհի ամէնէն մեծ արհեստագիտական եւ նորարարական ցուցահանդէս-տօնավաճառին։ ՀԱՅԱՍՏԱՆ - Լոյս տեսած է Նունէ Ալեքսանեանի «Սերկէյ Փարաճանով. յաւերժական շարժում» ժողովածուն։
ՖՐԱՆՍԱ - Հայաստան պատուոյ հիւրն է 2025-ի Սէն թ՚Էթիէնի ձեւաւորման (design) 13-րդ միջազգային երկամեայ ցուցահանդէսին։ ՓԱՐԻԶԵԱՆ ՇՐՋԱՆ – ՇԱԹՆԷ-ՄԱԼԱՊՐԻՀայաստանի նուիրուած ձեռնարկ՝ «Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեան» անունը կրող ֆրանսական դպրոցին մէջ։ ՓԱՐԻԶԵԱՆ ՇՐՋԱՆ – ՌԵՆՍԻ - Ֆրանսայի թեմի առաջնորդին այցելութիւնը «Դպրոցասէր» վարժարան՝ Սարդարապատի յաղթանակի տօնին առթիւ։ Արցախի Մարտունի քաղաքին մէջ ոչնչացուած է Գարեգին Նժդեհի յուշարձանը։ «Արաս» թրքերէնով լոյս ընծայած է Ռ. Հատտէճեանի «Առաստաղին միւս կողմը» վէպը։
Փարիզ 18-րդի նշանաւոր Մոնմարթր թաղին մէջ «Լա Պոհեմ» բարձրադիր հարթակի բացման արարողութիւնը։ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ - Ձերբակալուած է յանցագործութեան հայկական ցանցի մը 13 անդամ։ Լոյս տեսած է Պիրկիթ Քոֆլեր-Պեթշարթի «Մարդ սպանած եմ, բայց մարդասպան չեմ» գերմաներէն հատորին հայերէն թարգմանութիւնը։ Շուէտի Վեսթերոս քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է «Հ.Մ.Ը.Մ.» ակումբի բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը։ Կովկասի մահմետականներու վարչութիւնը որոշած է Երեւանի մէջ «թեմ» ստեղծել։
ՎԱՏԻԿԱՆ - Հոգեւոր պետերու եւ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու ընդունելութիւն Հռոմի Լեւոն ԺԴ. Պապին կողմէ։ ՓԱՐԻԶ - Միսաք Մանուշեանին նուիրուած ցուցադրութեան պաստառը վանդալական արարքի ենթարկուած է։ Սինկափուրի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոսութեան բացումը կատարուած է։ ՊԵԼԱՌՈՒՍ - Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի ձեռամբ օծուած է Մինսքի նորակառոյց եկեղեցին։
ՄԱՐՍԻԼԻԱ - Մարսիլիոյ 10-րդ թաղամասին դպրոցը կոչուեցաւ «Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեան»-ի անունով։ ՖՐԱՆՍԱ - Դեսպան Խաչատրեան հանդիպումներ ունեցաւ Լիոնի քաղաքապետին եւ Օվերնեը-Ռոն-Ալփ շրջանի նախագահին հետ։ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ - Նախագահ Թրամփ Գրեյկ Միսաքեանը նշանակած է հիւսիսային Գալիֆորնիոյ դաշնակցային դատախազ։ ՎԻՐԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ - Սայեաթ-Նովայի երգն ու երաժշտութիւնը՝ Թիֆլիսի «Հայարտուն» կեդրոնին մէջ։
ՓԱՐԻԶ - Արշակ Չօպանեանի յիշատակին նուիրուած յուշատախտակի բացում՝ վերջինիս բնակած Փարիզ 9-րդի թաղին մէջ։ ՖՐԱՆՍԱ - Մահ՝ հանրածանօթ լրագրող Տանիէլ Պիլալեանի։ ՈՒՐՈՒԿՈՒԱՅ - Մահ՝ նախկին նախագահ եւ տարածաշրջանային քաղաքականութեան խորհրդանշական դէմք Խոսէ «Փեփէ» Մուխիքայի։ ԳԵՐՄԱՆԻԱ - Վահան Տէրեանի 140-ամեակին նուիրուած մշակութային երեկոյթ։ ԳԵՐՄԱՆԻԱ - «Հովեր» պետական սենեկային երգչախումբին համերգը։
Քննարկում՝ հայ-չինական գործակցութեան զարգացման շուրջ։ Պաշտօնապէս բացուած է «Միասին» ընկերային ցանցի հարթակը։ Լոյս տեսած է Յովհաննէս Թումանեանի «Անուշ»-ի իտալերէն թարգմանութիւնը։ ԻՏԱԼԻԱ - Ոգեկոչման ձեռնարկ՝ Հռոմի Վալտեզէ եկեղեցւոյ մէջ։ Գաթալոնիոյ հայերը։ ՆԵՏԵՐԼԱՆՏՆԵՐ - Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի նուիրուած պրոնզէ բարձրաքանդակի բացումը Ամսթերտամի մէջ։
ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՖՐԱՆՍԱ - Պանիէօ քաղաքին հետ զուգորդուած Վանաձորի մէջ Յունիս 21-ին կը նշուի Երաժշտութեան տօնը։ Հայաստանի ազգային գրադարանի տնօրէնուհին վերընտրուած է IFLA-ի անդամ։ ԻՏԱԼԻԱ - Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած՝ Վիթթորիօ Ռոպիաթի Պենտաուտի «Մի՛ մոռնար զիս» գիրքին շնորհահանդէսը։ ՈՒՐՈՒԿՈՒԱՅ - Միջազգային տօնավաճառին՝ հայկական տաղաւարը։ Թուրքիոյ մէջ լոյս տեսած է համշէնահայ մտաւորական Հուրիյէ Շահինի կազմած բանաստեղծութիւններու ժողովածուն։
Երեւան եւ Մարսիլիա՝ զուգորդուած քաղաքներ - Երկու քաղաքապետերը ստորագրեցին հռչակագիրը։ Ֆրանքեւհայկական մշակութային շաբաթ Լիոնի մէջ։ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան հաղորդագրութիւնը՝ Ռուս Ուղղափառ եկեղեցւոյ կողմէ՝ Մեհրիպան Ալիեւային Սուրբ Օլկայի շքանշանի շնորհման մասին։ ՏՈՒՊԱՅ - Հայկ Կազազեան «Classic Violin Olympus» միջազգային մրցոյթին արժանացած է առաջին մրցանակին։
Մարսիլիոյ քաղաքապետը՝ Հայաստանի մէջ։ Լիոնէն գործարարներու պատուիրակութիւն մը հանդիպում ունեցած է Տնտեսութեան նախարարին հետ։ ՖՐԱՆՍԱ - «Il Cello» երրեակը, Լեւոն Խոզեանի մասնակցութեամբ, շահեցաւ The Voice-ի 14-րդ մրցանակը։ Ազերպայճանցիները աւերած են գրաւեալ Արցախի Մարտակերտի շրջանի Վանք գիւղի յուշարձանները։ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ - Շահան Արծրունիի համերգը։
ԳԱՆՆ - Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեանի անունով ծառուղիի բացումը։ ՓԱՐԻԶ - Լուսանկարներու ցուցահանդէս՝ 10-րդի թաղապետարանին մէջ։ Կապրիէլ Ֆօրէի հանրածանօթ «Ռեքուիեմ»-ով եզրափակուած է Հայաստանի մէջ ֆրանսախօսութեան երկամսեան։ ՖՐԱՆՍԱ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ - Փոխըմբռնման յուշագիր մը՝ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի գրադարաններու տնօրէններուն միջեւ։ Երեւանի մէջ նշուեցաւ Ռուբէն Սեւակի 140-ամեակը։
ԱՄՆ- Հայ դատի յանձնախումբը դատապարտած է «Ցեղասպանութիւն» եզրը չյիշատակելու՝ Թրամփի կեցուածքը։ ԳԵՐՄԱՆԻԱ - Պերլինի «Մաքսիմ Կորքի» թատրոնի կազմակերպութեամբ՝ «100+10. Հայկական այլաբանութիւններ» խորագրեալ փառատօնը։ ԶՈՒԻՑԵՐԻԱ - Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցին առթիւ ոգեկոչման արարողութիւն Ժընեւի մէջ։ Հայաստան կը մասնակցի Վենետիկի երկամեայի 19-րդ միջազգային ճարտարապետական ցուցահանդէսին։ ԱԽԱԼՑԽԱ - Հազարաւոր ախալցխահայերու ջահերով երթը դէպի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած խաչքարը։
ՓԱՐԻԶ - Փարիզի քաղաքապետարանին մէջ ընդունելութիւն՝ Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցին առթիւ։ ՄԱՐՍԻԼԻԱ - Մարդասիրական օժանդակութիւն՝ Լոռիի եւ Տաւուշի մարզերու բնակչութեան։ ՓԱՐԻԶ - Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցին նուիրուած ոգեկոչման արարողութիւն Փարիզի 9-րդ թաղին մէջ։ ՀԱՅԱՍՏԱՆ - «Արամ Խաչատրեան» համերգասրահին մէջ կէս գիշերին հնչած է Մոցարթի «Requiem»-ը։ Ռաֆայէլ Լեմքինի եւ ֆրանսացի ծովակալ Լուի Տարթիժ տիւ Ֆուրնէի անունները կ՚աւելցուին Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրի Յիշատակի պատին վրայ։
ՓԱՐԻԶ - Սեն-Սիւլփիս եկեղեցւոյ մէջ ոգեկոչուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը։ Հանգիստ՝ Հռոմի Փրանկիսկոս պապին։ ԳԱՆԱՏԱ - Պրիթիշ Գոլումպիայի Նահանգային խորհրդարանին մէջ ոգեկոչուած է Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակը։ ՀԱՅԱՍՏԱՆ - «Ցեղասպանագիտութեան շաբթուան» ընթացքին Newmag կը ներկայացնէ թուրք պատմաբան Թաներ Աքչամը եւ անոր նոր գիրքը՝ «Ցեղասպան պետութեան ակունքները»։ ՎԻԷՆ - Երեկոյթ՝ նուիրուած Արցախի ժողովուրդի ապագային։
ՓԱՐԻԶԵԱՆ ՇՐՋԱՆ – ՇԱՐԱՆԹՈՆ-ԼԸ-ՓՈՆ - Ֆրանսահայ բարերար Կարպիս Ջրբաշեանին նուիրուած յուշատախտակի բացման արարողութիւն։ ՓԱՐԻԶ - Սուրիոյ քրիստոնեայ հոգեւոր պետերը մասնակցած են «CHREDO» կազմակերպութեան քրիստոնէութեան մարտահրաւէրներուն նուիրուած խորհրդաժողովին։ ԳԵՐՄԱՆԻԱ - Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցին նուիրուած յիշատակի արարողութիւն։ ԱՐԺԱՆԹԻՆ - Քննարկում՝ «Հայաստան իբրեւ զբօսաշրջային իւրայատուկ ուղղութիւն» խորագրեալ նիւթին շուրջ։ Արա Նաճարեան Կլենտէյլի քաղաքապետ ընտրուած է։
ԼԻՈՆ - Երեւանի, Լիոն քաղաքի եւ Լիոնի քաղաքակոյտի միջեւ ստորագրուեցաւ եռամեայ համագործակցութեան համաձայնագիր։ Մարսիլիոյ «ԱՐԱՄ» հետազօտական կեդրոնի՝ «Քամփ Օտտօ»-ի արժէքաւոր փաստաթուղթերը պիտի ցուցադրուին Հայաստանի Պատմութեան թարգարանին մէջ։ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութիւնը գիրքեր նուիրած է Գաւառի պետական համալսարանին։ «Փաստագրելով յանցագործութիւնը. Հայոց ցեղասպանութեան ականատես վաւերագրողները» խորագրեալ ցուցադրութիւնը՝ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ։ ՌՈՒՄԱՆԻԱ - Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցին ընդառաջ Պուքրէշի մէջ երկու ցուցադրութեան բացումը կատարուած է։
ՄԱՐՍԻԼԻԱ - Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցի ոգեկոչման արարողութիւն։ ՓԱՐԻԶԵԱՆ ՇՐՋԱՆ – ԱՆԹՈՆԻ - Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցին նուիրուած պաշտօնական արարողութիւն։ ՓԱՐԻԶԵԱՆ ՇՐՋԱՆ – ՎԻԼԺԻՒԻՖ - Այց Կոմիտաս վարդապետին՝ Վիլժիւիֆի «Փօլ Կիրօ» հոգեբուժարան։ ՀԱՅԱՍՏԱՆ - «Զինուորի տուն»-ին մէջ բացուած է ֆրանսահայ բարերար Մարիոն Տատիկեանի անունը կրող բացօթեայ սրճարան մը։ Մխիթար Գոշի «Դատաստանագիրք»-ը ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կողմէ արձանագրուեցաւ Աշխարհի յիշողութեան մատեանին մէջ։ «Փարիզեան երազանք» խորագրեալ համերգ-բանախօսութիւն՝ «Կոմիտաս»թանգարանին մէջ։
Երբ Վատիկան պաշտօնապէս կը յօժարի դառնալ Ազերպայճանի քարոզչութեան գործիք - «Քրիստոնէութիւնը Ազերպայճանի մէջ. պատմութիւն եւ արդիականութիւն» խորագրեալ գիտաժողով՝ պապական Գրիգորեան համալսարանին մէջ։ ՓԱՐԻԶԵԱՆ ՇՐՋԱՆ – ՇԱՐԱՆԹՈՆ-ԼԸ-ՓՈՆ - «Մշակութային ճամբորդութիւն դէպի Հայաստան»՝ Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցի համածիրին մէջ։ ՓԱՐԻԶ - Միջազգային յարաբերութիւններու եւ աշխարհաքաղաքականութեան հիմնարկին ուսանողները հիւրընկալուած են Հայաստանի դեսպանութեան յարկին տակ։ ԼԵՀԱՍՏԱՆ - Նաթոլինի՝ Եւրոպայի գոլէճի հայ ուսանողները «Հայաստանի մշակոյթի օր» կազմակերպած են։ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ԷՄԻՐՈՒԹԻՒՆ - Տուպայի համալսարանի եւ Հայաստանի ԳԱԱ-ի Բնապահական կեդրոնի միջեւ յուշագիր ստորագրուած է։
ԻՏԱԼԻԱ – Ուխտագնացութիւն Նափոլիի Ս․ Գրիգոր Հայ եկեղեցի։ ՖՐԱՆՍԱ – ԹՈՒՐՔԻԱ - Փարիզի քաղաքապետարանը կը ծրագրէ Պոլսոյ բանտարկեալ քաղաքապետին շնորհել «Փարիզի պատուոյ քաղաքացի»-ի կոչում։ ՓՐՈՎԱՆՍ-ԱԼՓ-ԳՈԹ Տ՚ԱԶԻՒՐ - Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցին նուիրուած յիշատակի համախմբում։ ԳԵՐՄԱՆԻԱ - Հայաստանի դեսպանութիւնը մասնակցած է Պերլինի «Ֆրանսախօսութեան տօն» տարեկան փառատօնին։ ԻՐԱՆԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ - Ս. Թադէի վանքին մէջ Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդը ընդունած է Չալդրանի կուսակալը։
Սեւրի Սամուէլ Մուրատ վարժարանի միութեան հաղորդագրութիւնը։ «Էնվեր փաշա» փողոց Ստեփանակերտի մէջ։ Ըստ Ֆրանսայի ԱԳ նախարար Ժան-Նոէլ Պառոյի՝ Ազերպայճանի նոր պահանջները Հայաստանի նկատմամբ անընդունելի են։ Ֆրանսահայ գրող, նկարիչ Տընի Տօնիկեան իր արխիւը նուիրած է Հայաստանի Ազգային գրադարանին։ Լորիս Ճգնաւորեանի «Ռոստամ եւ Սոհրապ» օփերայի անդրանիկ ներկայացումը Երեւանի մէջ։
ՓԱՐԻԶ - «Ողջակէզի յուշահամալիր»-ին մէջ բացումը կատարուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած ցուցադրութեան։ Գիտէի՞ք, թէ Ափրիկէի սրտին վրայ հայկական պատմութեան պզտիկ հատուած մը գոյութիւն ունի։ ԼԻՒՔՍԵՄՊՈՒՐԿ - Հայկական ժողովրդական պարերը` Լիւքսեմպուրկի Փեթանժ քաղաքի 68-րդ տօնական շքերթին։ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ - Գոնկրէսականներ Հայոց ցեղասպանութեան դասաւանդումի բանաձեւ մը ներկայացուցած են։ Հայաստանի մէջ ԵՄ-ի առաքելութիւնը նշած է իր 5000-րդ հսկողութիւնը։
ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՖՐԱՆՍԱ - «Կոնքուռ»-ի հայաստանեան մրցանակը շահած է Կաէլ Ֆայի «Ժաքարանտա» վէպը։ ԹՈՒՄՕ-ի երկու կեդրոն եւս կը բացուի աշխարհի քարտէսին վրայ։ ԻՏԱԼԻԱԷրիքա Տը Պորթոլի մրցանակակիր՝ հայ ժողովուրդին նուիրուած ժողովածուին համար։ Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք-Վալթեր Շթայնմայեր յարգանքի տուրք մատուցած է Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներու յիշատակին։Հայոց ցեղասպանութեան նահատակ` Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան Սուրբ կը հռչակուի։
ԵՐԵՒԱՆ - Հազարաւոր արցախցիներու մասնակցութեամբ հանրահաւաք՝ «Ազատութիւն» հրապարակին վրայ։ ԱՄՆ-ու 60 խորհրդարանականներ նամակով մը ԱԳ նախարար Մարքօ Ռուպիոյին կոչ ուղղած են դադրեցնելու ռազմական օժանդակութիւնը Ազերպայճանին։ ԶՈՒԻՑԵՐԻԱ - Հայաստան մասնակցեցաւ Ժընեւի Գիրքի միջազգային ցուցահանդէսին։ Ազգային գրադարանը հիւրընկալած է ծանօթ բարերար, հաւաքորդ Տընի ֆոն Մեքը։ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ - Տոքթ. Վահրամ Էլակէօզի դասախօսութիւնը՝ Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի մէջ։
ՓԱՐԻԶ – Շառլ Ազնաւուրի 100-ամեակին նուիրուած համերգը՝ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կեդրոնին մէջ։ ՀԱՅԱՍՏԱՆ - Արտաքին գործոց փոխնախարար Կոստանեան. «Հայաստանն ու միջազգային հանրութիւնը կոչ կ՚ուղղեն Ազերպայճանին՝ դադրեցնելու հայ գերիներու նկատմամբ իրականացուող կեղծ դատական գործընթացը»։ ՍՈՒՐԻԱ - Դամասկոսի Առաջնորդարանը կը շարունակէ ընկերային օժանդակութիւնները։ ԳԵՐՄԱՆԻԱ - Օրհնուած է Էպերն քաղաքին մէջ տեղադրուած խաչքարը։ ԻՐԱՔԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ - Մայրերու տօնը՝ Առաջնորդարանին առընթեր գործող ազգային նախակրթարանին մէջ։
Ֆրանսայի դեսպան Տըքոթինյի. «Սիւնիքը Հայաստանի անբաժան մասն է, անոր բնակիչները իրաւունք ունին խաղաղ ապրելու»։ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԻՐԱՆ - Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի Հայաստան այցելութիւնը։ ՀԱՅԱՍՏԱՆ - Հայ Գրողներու միութիւնը Աւետիք Իսահակեանի 150-ամեակին նուիրուած հանդիսութեամբ նշած է Բանաստեղծութեան միջազգային օրը։ ԻՏԱԼԻԱ - Միլանոյի մէջ տեղի ունեցած է «Վերածնունդ, 101 հայ բանաստեղծութիւն» հատընտիրի շնորհահանդէսը։ ԱՐԺԱՆԹԻՆ - «Գոյնի կամուրջներ» խորագրեալ ցուցահանդէս՝ Հայաստանի եւ Արժանթինի մանկական արուեստի միջոցով։
«Ճամբորդութիւն Իտալիա՝ Չարենցի հետ» խորագրեալ ցուցադրութիւն՝ գրողի տուն-թանգարանին մէջ։ ԳԵՐՄԱՆԻԱ - Հայաստանի ազգային պատկերասրահի գանձերը պիտի ցուցադրուին Պերլինի մէջ։ ՊԵԼՃԻՔԱ - «Նեմրութ» խումբի համերգը՝ «Հոգեւոր Հայաստան» բնաբանով։ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի հաղորդագրութիւնը. «Կը պահանջենք անյապաղ ազատ արձակել Ազերպայճանի մէջ բանտարկուած հայ գերիները»։ ԻՏԱԼԻԱ - Լոյս տեսած է «Հայկական հին աւանդութիւններն ու առասպելները» գիրքը։
ԹԵՀՐԱՆ - «Ազատի» աշտարակը լուսաւորուած է Հայաստանի պետական դրօշի գոյներով։ ԳԵՐՄԱՆԻԱ - Հայաստան առանձին տաղաւարով պիտի մասնակցի Լայփցիկի գիրքի միջազգային ցուցահանդէսին։ ՓԱՐԻԶ - Ազնաւուրի 100-ամեակին նուիրուած երաժշտական երեկոյթ՝ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կեդրոնին մէջ։ ՓԱՐԻԶ - Սիփան-Կոմիտաս երգչախումբի հարիւրամեակի համերգը – Մեծարանք՝ Կարպիս Ափրիկեանի։ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ - Հայկական տուֆ քարի վրայ փորագրուած յուշարձանը պիտի տեղադրուի Կիրով քաղաքին մէջ։
Լաթաքիոյ ապահովական վիճակը բարելաւուած է, դպրոցները՝ վերաբացուած։ Զուիցերիոյ Գաւառներու խորհուրդը թեր քուէարկած է Արցախի համար Խաղաղութեան հարթակ ստեղծելու բանաձեւին։ ԱՄՆ-ու նախագահի խորհրդական Մայքըլ Ուոլց. «Հարաւային Կովկասի հակամարտութիւնը պէտք է աւարտի, բանտարկեալները պէտք է ազատ արձակուին»։ ԻՏԱԼԻԱ - «Ամերիկացի»-ն արժանացած է «լաւագոյն միջազգային ֆիլմ» մրցանակին։ Նուպար Աֆէեանի պատգամը Պաքուի մէջ բանտարկուած հայ գերիներու մասին։
Փարիզ կ՚ողջունէ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ բանակցութիւններու աւարտի մասին յայտարարութիւնը։ Արարատ Միրզոյեան. «Գերիներու հարցը չէ ներառուած խաղաղութեան համաձայնագրին մէջ»։ ՎԵՆԵՏԻԿ - Պելճիքայի հայկական կիրակնօրեայ դպրոցներու աշակերտները Վենետիկի մէջ ծանօթացած են հայկական հարուստ ժառանգութեանՉԵԽԻԱ - Փրակայի միջազգային փառատօնին ցուցադրուած է Ալեքսի Բազումեանի «Jardin Noir» ֆիլմը։
Ռուբէն Վարդանեան դադրեցուցած է հացադուլը։ ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ - Եւրոպական խորհրդարանը որդեգրած է Ազերպայճանի մէջ բանտարկուած հայերը ռազմագերի նկատող եւ անոնց անյապաղ ազատ արձակումը պահանջող բանաձեւը։ Փաշինեան. «Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը մեր առաջնահերթութիւնը չէ»։ ԵՐԵՒԱՆ - Արցախցիները կը դիմեն Զուիցերիոյ՝ նախաձեռնելու իրենց վերադարձի հարցով միջազգային քննարկումներու։ ՄԻԱՑԵԱԼ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ - Հայ գերիներու հարցով դիմում երկրի վարչապետին։ ՎԻՐԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ - ՀՄԸՄ-ի փոքրիկներուն այցը՝ Թիֆլիսի Տիկնիկային մշակոյթի տուն։
Եւրոպական խորհրդարանը կը քննարկէ Պաքուի մէջ ընթացող հայ գերիներու կեղծ դատավարութեանց հարցը։ 25 Հանրածանօթ հայուհիներ խնդրած են Վեհափառ Հայրապետէն՝ հայրական յորդորով դիմելու Ռուբէն Վարդանեանին՝ դադրեցնելու հացադուլը։ Պերլինի մէջ բողոքի ցոյց՝ հայ գերիներու ազատ արձակման պահանջով։ ՓԱՐԻԶԵԱՆ ՇՐՋԱՆ – ՌԵՆՍԻ - Դեսպան Արման Խաչատրեան հանդիպում ունեցած է Ռենսիի քաղաքապետ Ժան-Միշէլ Ժընեսթիէի հետ եւ այցելած՝ «Դպրոցասէր» վարժարանը։
Ծանր իրավիճակ Լաթաքիոյ մէջ. երկու հայեր սպանուած են. հայկական դպրոցն ու եկեղեցին փակ կը մնան զգուշութեան նկատառումներով։ Փաքիստանցի իրաւապաշտպանը մտադիր է մեկնիլ Պաքու մասնակցելու Ռուբէն Վարդանեանի դատական ունկնդրութիւններուն։ ԵՐԵՒԱՆ - «Վազգէն. վերջին սպարապետը» խորագրեալ ժապաւէնին անդրանիկ ցուցադրութիւնը։ ԼՈՍ ԱՆՃԸԼԸՍ - Մեսրոպեան վարժարանի նոր մարզադաշտին պաշտօնական բացումը։ ԹՈՒՐՔԻԱ - Ալիեւ. «Նախիջեւանը Ազերպայճանի պատմական տարածքն է»։
Փաշինեան՝ գերիներու մասին. «Տեղի է ունենում արգելուած ներգործութիւն, դա անընդունելի է»։ ՀԱՅԱՍՏԱՆ - Հացադուլի մէջ գտնուող Մանէ Թանդիլեան հիւանդանոց փոխադրուած է։ Ըստ Զարեհ Սինանեանի՝ աւելի քան 2.000 Հայաստանցիներ կրնան արտաքսուիլ ԱՄՆ-էն։ Վարչապետին յանձնարարականով Զարեհ Սինանեան կը մեկնի Սուրիա։
ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց գերագոյն յանձնակատարը պահանջած է ազատ արձակել հայ գերիները։ Պաքու անմիջապէս հակազդած է։ Տաթեւ, Գորիս եւ Տեղ համայնքներուն բողոքի ցոյցը՝ հայ գերիներու ազատ արձակման պահանջով։ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆ - Պատարագ, խաչքարի օրհնութիւն՝ Հայֆայի Սուրբ Եղիա եկեղեցւոյ մէջ, Բուն Բարեկենդանի տօնախմբութիւն՝ Երուսաղէմի մէջ։ Թումօ Կապանի հիմնական շէնքին պաշտօնական բացումը։
Մարսիլիա-Երեւան զուգորդուած քաղաքներ հռչակուեցան։ ՓԱՐԻԶ - Միսաք Մանուշեանին նուիրուած համաժողով՝ Ֆրանսայի Ծերակոյտի երդիքին տակ։ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՖՐԱՆՍԱ - Սէն թ՚Էթիէնի քաղաքապետին գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելած է Ծիծեռնակաբերդ։ Փաշինեան. «Պաքուի մէջ պահուող հայերու նկատմամբ խոշտանգումներու մասին տեղեկութիւնները արդէն իսկ բացայայտ են»։ Պաքու կ՚ամբաստանէ Հայաստանը Հարաւային Կովկասի մէջ ականի մեծագոյն արտադրողը ըլլալու մեղադրանքով։
Մարտ 14–18 Հայաստանի մէջ կը կազմակերպուի «Մանուշեանական շաբաթ»։ Փաշինեան. «Խաղաղութեան պայմանագրի երկու յօդուած տակաւին համաձայնութեան չեն արժանացած»։ ԵՐԵՒԱՆ - ՀՅԴ-ի 35-րդ Ընդհանուր ժողովի պաշտօնական բացումը։ «Կոմիտաս» երաժշտանոցի ուսանող Լեւոն Ալմասեան Փարիզի «Nouvelles étoiles» մրցոյթին շահած է առաջին մրցանակը։ ՀՈՒՆԳԱՐԻԱ - Սեւան եւ Պալաթոնալմատի քաղաքներու միջեւ ստորագրուած է զուգորդութեան յուշագիր մը։
Կարմիր խաչի համաձայն՝ 2020-ի պատերազմէն ետք 429 հայ տակաւին անհետացած կը համարուի։ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ - Սուրբ երկրի Պապական նուիրակը կը զօրակցի Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան։ Խաչատուր Աբովեանի կեանքին ու գործունէութեան մասին նոր փաստեր յայտնաբերուած են։Պաքու հակադարձած է կեղծ դատավարութիւններու մասին Միրզոյեանի յայտարարութեան։
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ - Նուրհան պատրիարք Մանուկեան Հայոց Պատրիարքութեան գոյքի բռնագրաւման եւ պարտադրուող անտրամաբանական ահռելի պարտքին առնչութեամբ նամակ գրած է Իսրայէլի վարչապետին։ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՖՐԱՆՍԱ - Հայկական տպաւորապաշտ ոճի նկարչութեան գանձերը կը ցուցադրուին Պարպիզոնի մէջ։ Արցախի նախկին ղեկավարները չեն ընդունած Պաքուի շինծու դատարանի ամբաստանութիւնները։ ԳԱԼԻՖՈՐՆԻԱ - Մոնթեպելլոյի Ցեղասպանութեան յուշարձանը պատմական կոթողներու ցանկին մէջ ներառելու պաշտօնական արարողութիւնը։ ՄԻԱՑԵԱԼ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ - Բարեսիրական համերգ՝ ի նպաստ Կապանի միջազգային երաժշտական փառատօնին։
Կոստան Զարեանի 140-ամեակը Երեւանի մէջ։ ՊՐԻՒՍԷԼ - Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ կայացած է Մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան նիւթին շուրջ երկխօսութիւնՀայոց լեզուի Համշէնի բարբառը առաջին անգամ լսուած է Թուրքիոյ խորհրդարանի ամպիոնէն։ ԻՏԱԼԻԱ - Իտալիոյ Ծերակոյտը՝ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան հոլովոյթին աջակցութեան բանաձեւ մը որդեգրած է։ ՎԻՐԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ - Հայրենի գեղանկարիչ Սամուէլ Չիբուխչեանի «Տարածութիւն եւ ժամանակ» խորագիրը կրող ցուցահանդէսի բացման արարողութիւնը։
ՓԱՐԻԶԵԱՆ ՇՐՋԱՆ – ՄՈՆԹՐԷՕՅ - Նոր կառուցուող հրապարակ մը պիտի կրէ լուսանկարիչ Ռոժէ Գասպարեանի անունը։ ՀԱՅԱՍՏԱՆ - Այսուհետեւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ մատչելի են ֆրանսերէն լեզուով ձայնային ուղեցոյցներ (audioguides)։ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ - Պատրիարքութեան դիւանապետ. «ԱՄՆ-ու ԱԳ նախարար Ռուպիօ վստահեցուցած է թէ իր երկիրը ամէն ինչ պիտի ընէ, որ քրիստոնեաները չհեռանան Իսրայէլէն»։ ԿԱԼԼԷՍ - Յուշատախտակ՝ ի պատիւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար գործած քաղաքական դէմքերու։ ՀԱՅԱՍՏԱՆ - Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ բացուած է Բարսեղ Կանաչեանի 140-ամեակին նուիրուած առժամեայ ցուցադրութիւն։
ՖՐԱՆՍԱ - Մօրմէ հայ երիտասարդ երգչուհի Սոլան շահեցաւ «տարուան կին յայտնութիւն» մրցանակը։ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ - Կոստան Զարեանի 140-ամեակը նշուած է Երուսաղէմի մէջ։ ՄԱՍԱՉՈՒՍԵՑ – ՈՒԱԹԸՐԹԱՈՒՆ- Արեւելեան Ուաթըթաունի խաչմերուկներէն մէկուն պիտի տրուի Արշիլ Կորքիի անունը։ ՀՆԴԿԱՍՏԱՆ - «Հայաստանի արուեստն ու հոգին» խորագրեալ ձեռնարկըՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ - Լոյս տեսած է Յասմիկ Խալափեանի «Օսմանեան կայսրութեան վերջին շրջանի հայ կիներու շարժումը. արդիականութիւն, ազգայնականութիւն եւ սեռ» գիրքը։
Ալիեւի դէմ դատական հետապնդում - Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդին դիմումը Պատժական միջազգային ատեանի դատախազին։ ՓԱՐԻԶ - Քաղաքային խորհուրդը ընդունեց «Ազերպայճանի մէջ ձերբակալուած ԼՂ նախկին առաջնորդներու մտահոգիչ կացութեան մասին» կոչը։ ՉԵԽԻԱ - Փրակայի «Յաւերժական յոյս» փառատօնին հնչած է Տիգրան Մանսուրեանի «Requiem»-ը։ ՓԱՐԻԶ - Դեսպան Խաչատրեանի հանդիպումը Ծերակոյտի Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի անդամներուն հետ։
ՓԱՐԻԶ - Ֆրանքեւհայկական յուշագիր՝ Հայաստանի մէջ արհեստական բանականութեան վրայ հիմնուած նորարարութիւնները խթանելու համար։ՀԱԼԷՊ - Սասունցիներու եւ տարօնցիներու ընդհանուր հոգեհանգիստ։ԽՐՈՒԱԹԻԱ – ՏՈՒՊՐՈՎՆԻՔ - 4-րդ դարու հայ եպիսկոպոսին նուիրուած 1053-րդ փառատօնը։ՀԱՅԱՍՏԱՆ - Վահան Տէրեանի ծննդեան 140-ամեակին նուիրուած ծաղիկներ՝ բանաստեղծի շիրիմին։ՀԱՅԱՍՏԱՆ - Կոստան Զարեանի 140-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէս։
ԼԻԲԱՆԱՆ - Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան նշանակուած է Մարզանքի եւ երիտասարդութեան նախարար'Նորվեկիոյ մէջ ԱՄՆ-ու դեսպան նշանակուած է Մայքըլ Գաւուքճեան'ՖՐԱՆՍԱ – ԼԷՆ-ՓԷՆ-ՄԻՐԱՊՕ - Միսաք եւ Միլինէ Մանուշեանի յիշատակը յաւերժացնող կոթողին բացման արարողութիւնը'ԼՈՍ ԱՆՃԸԼԸՍ - Կլենտէյլի մէջ բացումը կատարուած է Համազգայինի նոր կեդրոնին'30 հազար արցախցի լքած է Հայաստանը'ԽՐՈՒԱԹԻԱ - Գրիգոր Նարեկացիին նուիրուած հատորի խրուաթերէն թարգմանութեան ներկայացումը'ՀՆԴԿԱՍՏԱՆ - Հայաստան կը մասնակցի Սուրաժքունտի արհեստներու 38-րդ միջազգային փառատօնին'
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ - Վարչապետը ելոյթ ունեցած է Ատլանտեան խորհուրդի նիստին եւ պատասխանած փորձագէտներու հարցումներուն։ԳԵՐՄԱՆԻԱ - Պերլինի մէջ հրատարակուած է «Քսաներորդ դարը՝ քերթուածք եւ արձակ Հայաստանէն» հատորը։ՀԱՅԱՍՏԱՆ - Տիգրան Մանսուրեանի «Մեներգեր» ժողովածուի շնորհահանդէսը։ԼԻԲԱՆԱՆ ) Վերջին օծում եւ կարգ թաղման՝ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի։ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ - Թրամփի առաջարկը Կազայի մասին. «Քանդումի ենթակայ տարածք» եւ Մերձաւոր Արեւելքի «ապագայ Ռիվիերա»։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կնոջ հետ աշխատանքային այցով (Փետրուար 3-7) ժամանած է Ուաշինկթըն։ ԹԵՀՐԱՆ - Հայաստանի վերանկախացած հանրապետութեան բանակի 33-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր ընդունելութիւն։ ԵԹՈՎՊԻԱ - Եկեղեցական արարողութիւն Սուրբ Գէորգ հայկական եկեղեցւոյ մէջ։ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ - Սիրոյ սեղան եւ նուիրահաւաք ի նպաստ Հրանդ Տինք վարժարանի։ ՖՐԱՆՍԱ - Ժորժ Քեփենեկեան կը յայտարարէ իր թեկնածութիւնը Լիոնի 2026-ի քաղաքապետական ընտրութիւններուն։